2015-12-24 12:05:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 24 դեկտեմբերի թուիթը` ''Աստուած մեզմով սիրահարուած է''։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Ծննդեան տօնին նախօրեակին` Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրատարակեց թուիթ մը որուն մէջ յայտնեց թէ Աստուած սիրահարուած է մեզմով այն աստիճան որ Ան դարձաւ փոքրիկ մեզ օգնելու համար որպէսզի կարենանք համապատասխանել իր այս սիրոյն։

''Աստուած մեզմով սիրահարուած է։ Փոքրացաւ որպէսզի մեզ օգնէ համապատասխանելու համար իր սիրոյն'' գրեց Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Ծննդեան նախօրեակին հրատարակած թուիթին մէջ։

Յայտնենք թէ Նորին Սրբութիւնը 24 դեկտեմբերի երեկոյեան 9,30-ին Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքյաի կեդրոնական խորանին վրայ կը գլխաւորէ Սուրբ Ծննդեան Ճրագալոյցի Սուրբ Պատարագը որուն աւարտին մսուրին մէջ կը զետեղէ Մանուկ Յիսուսի արձանը, որպէս խորհրդանիշ մեր Փրկչին Սուրբ Ծննդեան յիշատակումին։ Նշենք նաեւ թէ 2015 տարուայ Սուրբ Ծննդեան որպէս շնորհաւորագիր` Ֆրանչիսկոս Պապ ընտրած է ''Ցնծանք մեր փրկութեան օրուան առթիւ'' խօսքը, քաղուած` Մեծն Լեւոնի մէկ քարոզէն։  








All the contents on this site are copyrighted ©.